Ալիեւ 2022ը Հռչակեց Շուշիի Տարի

By Asbarez | Tuesday, 11 January 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2022ը Շուշիի տարի հռչակելու մասին հրամանագիր ստորագրեց։ Այս մասին կը հաղորդուի Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Նախարարաց խորհուրդին յանձնարարուեցաւ մշակել եւ գործադրել «Շուշիի տարուան» վերաբերող գործողութիւններու ծրագիր մը։

Ըստ haqqin.az-ի՝ այս ծիրին մէջ Շուշիի մէջ արդէն ընթացք առած են Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու օրերուն կառուցուած շէնքերու քանդումը: Քանդման ենթակայ են 6 հինգյարկանի շէնքեր, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի շէնքը եւ այլ կառոյցներ: Խորհրդարանի շէնքին վայրը պիտի կառուցուի մզկիթ մը:

comments

Advertisement