Հայերէն չեմ գրեր, բայց ատիկա չի խանգարեր ՀՀ դեսպան ըլլալուս - Ազնաւուր

By Asbarez | Saturday, 28 January 2017

0000AZNAVOUR

ՓԱՐԻԶ - Շարլ Ազնաւուր հայերէն կը խօսի, բայց չի գրեր եւ չի կարդար, սակայն ատիկա չի խանգարեր անոր Զուիցերիոյ մօտ ՀՀ դեսպանի իր աշխատանքին: Այս մասին ան կը յայտնէ սպանական <<Էլ Մունտօ>> թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։

Ազնաւուր Մատրիտ կը գտնուի համաշխարհային համերգի շրջագայութեան ծիրէն ներս:

92ամեայ երաժշիտին համերգը պիտի կայանայ Մատրիտի <<Պարքլէքարդ Սենթըր>>ին մէջ: Ազնաւուր Մատրիտի մէջ վերջին անգամ ելոյթ ունեցած է 2015ի Մայիսին:

Ազնաւուր կը պատմէ, որ կը համատեղէ երաժշտական գործունէութիւնը դիւանագիտական աշխատանքին հետ:

Երգիչը կը խոստովանի, որ ինք չի գիտեր Հայաստանի քայլերգը եւ չի գրեր ու կարդար հայերէն, բայց ատոնք չեն խանգարեր անոր դիւանագիտական աշխատանքին: <<Այնպէս եղաւ, որ ես դարձայ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանը եւ մշտական ներկայացուցիչը ՄԱԿ Ժընեւի կեդրոնին մէջ>>, կ՛ըսէ Ազնաւուր:

Ան կը յայտնէ, որ դիւանագիտական պաշտօն ստանձնելու առաջարկը ստացած է 8 տարի առաջ՝ 2009ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանէն, եւ որոշած է ընդունիլ զայն:

 



comments

Advertisement