Լաւրով Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Քաղաքականութեան Յստակացումը Կը Պահանջէ

By Asbarez | Thursday, 13 April 2017

0413tillerson

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիա այցելող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Ապրիլ 12ին հանդիպում մը ունեցաւ իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ, որ քննադատելէ ետք Սուրիոյ վրայ ամերիկեան յարձակումը՝ պահանջեց Թիլըրսընէն, որ յստակացնէ Ամերիկային որդեգրելիք արտաքին քաղաքականութիւնը, նկատի ունենելով, որ ցարդ յայտարարուածին եւ կատարուածին միջեւ հակասութիւններ եւ անյստակութիւններ կան։

Միաժամանակ, Լաւրով պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու Ուաշինկթընի հետ, յատկապէս հակաահաբեկչական ջանքերու յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով։

Մոսկուայի մէջ, Թիլըրսըն իր կարգին շեշտեց Ամերիկա-Ռուսիա հաղորդակցութեան կապերը միշտ բաց պահելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ տարակարծութիւնները մեղմացնել։ Սակայն, Ռուսիա ժամանելէն անմիջապէս առաջ, Թիլըրսըն աւելի խիստ կեցուածք մը որդեգրած էր՝ քննադատելով Սուրիոյ նախագահին աջակցելու Մոսկուայի դիրքը։ Ան ըսած էր. «Ռուսիա պէտք է Միացեալ Նահանգներուն հետ աշխատելուն եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի հետ աշխատելուն միջեւ ընտրանք մը կատարէ: Ասատի, Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի հետ Ռուսիոյ դաշինքները չեն ծառայեր անոր շահերուն, եւ Մոսկուա պէտք է դաշնակցի Միացեալ Նահանգներուն ու անոր դաշնակիցներուն հետ»:

Թիլըրսըն աւելցուցած էր. «Ռուսիա ձախողեցաւ սուրիական քիմիական զինանոցի վնասազերծման երաշխաւորման մէջ»:

Լաւրով-Թիլըրսըն հանդիպումէն ետք, երկու նախարարները Քրեմլին հրաւիրուեցան՝ նախապէս չծրագրուած հանդիպում մը ունենալով նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Նշենք, որ մէկ օր առաջ, Փութին եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած էին խորացնելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ իրենց համագործակցութիւնը՝ Միջին Արեւելքի իրավիճակի կայունացման նպատակով:

Նախագահները ընդգծած էին Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններուն «անընդունելի» ըլլալը՝ նշելով, որ անոնք կը հակասեն միջազգային իրաւունքին:

Աւելի կանուխ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս յայտնած էր, որ Ուաշինկթըն համաձայն կ՛ըլլայ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքով յարձակումին շուրջ միջազգային հետաքննութեան:

«Ուաշինկթընի հետ մեր յարաբերութիւնները, Պաղ պատերազմէն ի վեր, յոռեգոյն վիճակին մէջ են։ Մենք Ուաշինկթընի կողմէ Հիւսիսային Քորէայի վրայ զինուորական միակողմանի արարքի մը դիմելու կարելիութեամբ շատ մտահոգ ենք», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

 

 


comments

Advertisement