Հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէին հարցով քննարկում

By Asbarez | Wednesday, 02 August 2017

0000Bayan Sami Rahman

Պայան Սամի Ռահման

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի <<Լէօ Սարգիսեան>> վարժողական ծրագիրին մասնակցող Յարութ Մանուկեան կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան մէջ կայացած խորհրդակցական հաւաքի մը ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Քաղաքական հետախուզութեանց Լոնտոնի կեդրոնին եւ <<Սորան>> համալսարանին միացեալ ջանքերով, քննարկուած է Սեպտեմբեր 25ին կայանալիք Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէի հարցը։

Հաղորդուած է, որ կարգ մը կողմեր, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները, կը փորձեն ապահովել հանրաքուէին յետաձգումը, սակայն այս քննարկումին մասնակցած քոնկրեսական Թրենթ Ֆրենքս (Արիզոնա, Հ.) արտայայտուած է իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան ի նպաստ՝ նման մարմին մը աւելի հաւատարիմ գործակից նկատելով, քան՝ <<Թուրքիոյ եւ Իրանի իսլամական վարչակազմերը>>։

Քիւրտիստանի անկախութեան ի նպաստ արտայայտուած է նաեւ ամերիկացի զօրավար Ըռնեսթ Օտնիօ, որ նաեւ առաջարկած է ամերիկեան զինուորական խարիսխ մը հաստատել Հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջաններուն մէջ։

Ելոյթներ ունեցած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան ներկայացուցիչ Պայան Սամի Ռահման, դոկտ. Քամալ Քոլօ, փրոֆ. Ուալիտ Ֆարես եւ Քաղաքական հետախուզութեանց Լոնտոնի կեդրոնի համահիմնադիր Իլայ Կոլտ։

 


0000kurds Congressman

Քոնկրեսական Թրենթ Ֆրենքս (աջին) եւ զօր. Ըռնեսթ Օտնիօ


comments

Advertisement