Ձերբակալուած Ֆրանսացի լրագրողին հարցով՝ Մաքրոն-Էրտողան հեռաձայնային զրոյց

By Asbarez | Friday, 18 August 2017

0818Bureau

ՊՈԼԻՍ - Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին եւ մտահոգութիւն յայտնած Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ պահուող ֆրանսացի լրագրող Լուփ Ժան Ռընէ Պիւրոյի վերաբերեալ:

Թրքական <<Տեմոքրաթհապեր>> կայքը կը հաղորդէ, որ Մաքրոն յոյս յայտնած է, թէ ֆրանսացի լրագրողը մօտիկ ապագային կը յանձնուի Ֆրանսայի իշխանութեանց:

Երկու նախագահները համաձայնած են յառաջիկայ շաբաթ այս հարցով դարձեալ քննարկում մը կատարելու շուրջ:

Պիւրօ ձերբակալուած էր Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտ գտնուող Շըրնաք նահանգին մէջ. Թուրքիա զայն կը մեղադրէ երկրին մէջ ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան աջակցելու եւ ահաբեկչամէտ քարոզչութիւն կատարելու յանցանքով:

 



comments

Advertisement