By Asbarez | Thursday, 21 December 2017

ՓԱՐԻԶ, «Նիուզ».- Աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Պաթիսթ Լըմուանի հետ:
Նախարար Լըմուան ջերմութեամբ վերյիշեց անցեալ 26 Նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանքոֆոն երկիրներու նախարարներու համաժողովին ընթացքին նախարար Նալբանդեանի հետ հանդիպումը: Զրուցակիցները քննարկեցին 2018ին Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանքոֆոն երկիրներու գագաթնաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերու լայն շրջանակի: Նալբանդեան ու Լըմուան քննարկեցին միջխորհրդարանական կապերուն, ապակեդրոնացած համագործակցութեան, առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման եւ գիտակրթական փոխգործակցութեան ամրապնդման առնչուող հարցեր:
Եւրոպական Միութեան հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի լոյսին տակ, զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն:
Նալբանդեան զրուցակիցին ներկայացուց Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կերպով կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու համատեղ ջանքերը:
comments
Aliyev Again Refers to Most of Armenia as Western Azerbaijan
Azerbaijan Blocks Humanitarian Transport To and From Lachin Corridor
#TogetherForSyria Telethon Raises over $110,000 for Armenians In Syria
After Lachin Corridor Blockade, Putin Speaks to Pashinyan and Aliyev
Aliyev Signs Order Declaring Shushi Cultural Capital of Turkic World
Lemkin Institute Voices Support For Artsakh Rights to Self-Determination to Avoid Genocide
Tensions Escalate Between Iran and Azerbaijan
Moscow is Closely Coordinating Peace Treaty with Yerevan and Baku
Aliyev Criticism of Russian Peacekeepers and Iran Elicits Strong Reactions