ՀՅԴ Սուրիոյ կազմակերպութիւնը կ՛արժեւորէ շրջանի իրավիճակը

By Asbarez | Tuesday, 01 August 2017


Կազմակերպական համապատասխան կարգով, ՀՅԴ կազմակերպութիւնը համապարփակ քննութեան ենթարկեց անցնող երկամեակին Սուրիոյ տարածքին իրականացած աշխատանքները՝ կազմակերպական, քաղաքական, ներազգային, ծառայողական, քարոզչական, տնտեսական եւ այլ բնագաւառներէ ներս:

Քննեց սուրիահայութեան վերականգնումի ներկայ հանգրուանն ու ապագայ պատկերացումները եւ առ այդ կատարեց ճշդումներ, եզրակացութիւններ եւ կայացուց որոշումներ:

Վերահաստատեց նահատակներու արեամբ նուիրագործուած հողային ամբողջականութեան եւ քաղաքացիական միասնականութեան պահպանման իր սկզբունքները:

Դատապարտեց ահաբեկչական արարքները եւ զօրակցութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին, հաստատելով երկխօսութեան ճամբով հարցերու լուծման եղանակի արդիւնաւորութիւնը, յանձնառու դառնալով պատերազմէն դուրս եկող ապագայ սուրիական հայրենիքին մէջ սուրիահայութեան տեղի ու դերի ճշգրիտ դրսեւորման:

Վերահաստատեց Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու հզօրացման ու զարգացման գործընթացին սատար հանդիսանալու անհրաժեշտութիւնը:

Գնահատանքով անդրադարձաւ սուրիահայութեան զօրակցած Հայաստանի Հանրապետութեան նաեւ նեցուկ կանգնող բոլոր կողմերուն:

ՀՅԴ կազմակերպութիւնը, հաւատարիմ իր պատմական առաքելութեան՝ պիտի շարունակէ ընթանալ հայ ժողովուրդի բարօրութեան, զարգացման եւ անվտանգութեան ապահովման ուղիով:

 

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Հալէպ, 28 ՅՈՒԼԻՍ 2017


comments