Galstaun College Celebrates 35th Anniversary

By Editor | Tuesday, 14 June 2022

Galstaun College 35th Anniversary Ball 
Raises over $200,000 and marks
Special Honour of College Benefactors
Michael and Nyree Abolakian

 

The sell-out 35th Anniversary ball on Saturday 4 June 2022 at The Waterview function centre at Sydney Olympic Park, Homebush Bay, which had been postponed from 2021 due to Covid-19 lock-downs, was a great and vibrant celebration of the College’s milestone.  It was notable that many of the attendees joining in this celebration were of the younger generation including College Alumni who now have their children enrolled in the College and more recent Alumni, College students, parents, grandparents, teachers and Benefactors as well as other supporters from our Community.

The special evening’s, bilingual MCs were College Alumni - Ari Simonian and Nyree Kelleyan.  In his speech, Principal Edward Demirdjian noted - “In the last year, the College has been recognised for its results in NAPLAN and I was extremely pleased with the HSC results following what had been a difficult year with lockdown and remote learning. In March, the College was acknowledged by ABC news and radio for its NAPLAN results“ Principal Demirdjian added:- „The news story reinforced the transformation taking place at Galstaun College. Therefore, I would like to take this opportunity to congratulate the College community and congratulate our dedicated teachers for the results achieved and the improvements that the College continues to make.  And, as we celebrate these successes, I am pleased to announce that next year, the College will have two kindergarten classes for the very first time with our pre-kindergarten class already having a waiting list. With the College outperforming other schools which have contingents of Armenian students, I believe that such results reinforce Galstaun College as being the number one choice for schooling amongst Armenian-Australian families and fulfilling this very mission which was set by its founders over 35 years ago.“

College Board Chair, Harry Boghossian said in his address: - “On this celebration of our College, we once again acknowledge and honour the pioneering generosity and dedication of our Founding Benefactors – the late Arshak and Sophie Galstaun, as well as the other benefactors who joined with them to make the dream of an everyday Armenian school a reality in Sydney, as well as those who have since become Benefactors of our Galstaun College” Boghossian noted: - “Approximately 10 years ago, around the time of our 25th Anniversary, our College had faced very significant and serious financial challenges. Without the vital financial support and guidance of our financial sponsors and benefactors, our College may not have even celebrated this 35th Anniversary milestone. Once again dedicated members of our Community provided vital assistance, this time to help the College to retire a significant portion of its loans as part of a Recapitalisation Program to ensure its financial security.   Leading this process and providing generous and vital financial assistance to Galstaun College has been Mr & Mrs Michael and Nyree Abolakian and Family, whose support over many years of various sporting, cultural, educational and public affairs organisations throughout our Community is well-known.  There is no doubt that without this critically important and timely financial support and guidance by the Abolakian family, Hamazkaine Arshak & Sophie Galstaun College would not be in the financially strong and confident position it is in today, where it is able to continue to retire its loans as well as invest in our College.”

 

To acknowledge this extraordinary and essential financial contribution and assistance to Galstaun College by the College Benefactors - Michael and Nyree Abolakian, the Central Committee of Hamazkaine, its peak international body, bestowed the prestigious Hamazkaine Medal to Michael and Nyree Abolakian, which was presented to them with ovation by the newly elected Hamazkaine Central Committee Member from Australia, Mr Heros Grigorian as well as representative of Hamazkaine Regional Committee Australia Alice Ghazarian.

The celebrations featured entertainers, Charlie Chech, the Areni Band as well as DJ Juan Paul with the dance floor overflowing with the attendees.

During the course of the festivities over $200,000 was raised in donations towards the priority investments for 2022 including a new Primary School playground and digital educational technology including state-of-the-art smartboards.  This included a very special and generous donation of $100,000 during the celebratory evening from Michael and Nyree Abolakian and their extended family.

College Board Chair, Harry Boghossian also announced that, in addition, long-standing Benefactors Nerses and Lesley Nalbandian had donated $50,000 towards an elevator for the high school and Nalbandian Hall, with a commitment by the College to have the new lift installed and ready before next year’s Grandparents’ Day.

Mr Boghossian paid special tribute to the tireless efforts of College’s P&F Committee, stating – “A very big thanks and congratulations to our dedicated and hard working P&F. They have worked tirelessly to make this night happen. Without your selfless hard work, school events like this can never happen, so from the Board and the entire College community, thank you!“


2021 տարեշրջանը կը զուգադիպէր Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի հիմնադրութեան 35րդ Ամեակին, սակայն նկատի առնելով Պսակաձեւ ժահրի սահմանափակումները, Յոբելեանի բոլոր միջոցառումները յետաձգուեցան 2022ին:

Առ այդ, Շաբաթ, 4 Յունիս 2022ին Waterview ճաշասրահէն ներս տեղի ունեցաւ  Համազգային Արշակ եւԳօլստըն Ճեմարանի 35 Ամեակի Պարահնդէսը:

 

Պարահանդէսին ներկայ էին Ճեմարանի Բարերարներ, Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ Ճեմարանի Խնամակալ կազմի անդամներ, Ճեմարանի տնօրէն, հրաւիրեալներ եւ Ճեմարանի շրջանաւարտներ որոնց ներկայութիւնը յատկանշական էր:

 

Հայերէն եւ Անգլերէն բարի գալուստի խօսքերով հանդէս եկան  Ճեմարանի շրջանաւատրներ՝ Արի Սիմօնեան եւ Նայիրի Քէլլէյեան, որոնք ողջունեցին ներկաները եւ շնորհաւորեցին Ճեմարանի Մեծ ընտանիքը այս յոբելեանի առթիւ:

 

Յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան Ճեմարանի Տնօրէն՝ Պրն Էտի Տէմիրճեան եւ Ճեմարանի Խնամակալ Կազմի Ատենապէտ՝ Պրն  Հրաչ Պօղոսեան:

 

Ճեմարանի Տնօրէն Պրն՝ Էտի Տէմիրճեան Ճեմարանի 35 Ամեակի ուրախ առթիւ  սրտանց շնորհաւորեց Ճեմարանի Մեծ Ընտանիքը :

Այնուհետեւ, լուսարձակի տակ առաւ ճեմարանականներու վերջին տարիներուն ձեռք բերած յաջողութիւնները.-

«Համաճարակ՝ Քորոնա պսակաձեւ ժահրի պատճառաւ, մեր դպրոցական դասաւանդութիւնը խոչընդոտներու մատնուեցան,  որոնց որպէս արդիւնք աշակերտները ստիպուեցան հեռակայ դասաւանդութեան հետեւիլ:

Ճեմարանի  տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմի, ծնողներու եւ աշակերտութեան աննկուն կամքով եւ  ջանքերով կարելի եղաւ հետեւիլ կրթական ծրագրին եւ յաջողութեամբ դիմագրաւել բոլոր մարտահրաւէրները եւ հակառակ տիրող իրավիճակին, ուսումնական գետնի վրայ նկատելի էր ճեմարանի աշակերտութեան արձանագրած NAPLAN յաջողութիւններն ու HSC  գնահատելի արդիւնքները, որոնք ճեմարանի ուսուցչական կազմի բծախնդիր եւ անխնայ աշխատանքին եւ գուրգուրանքին արդիւնքն էին»:

Ան շարունակեց իր խօսքը ըսելով.-« Այս յաջողութիւններու որպէս արդիւնք նկատելի է Ճեմարանիս աշակերտութեան  թիւի աճը  եւ ուրախ եմ յայտարալու թէ Ճեմարանը 2023 տարեշրջանին արդէն իսկ պիտի ունենայ Մանկապարտէզի երկու բաժանում:»

Պրն Տէմիրճեան իր խօսքը աւարտեց.- «Գօլստըն Ճեմարանը պիտի շարունակէ իրագործել իր առաքելութիւնը դառնալով այն հարազատ տունն ու  առողջ միջավայրը, ուր Աւստրալահայ պատանին կը սնանի հայկական դաստիարակութեամբ , հայապահպանութեամբ եւ հետեւելով Աւստրալական ուսումնական ծրագրին, կը պատրաստէ Աւստրալիացի Հայ երիտասարդներ»։

 

Ճեմարանի խնամակալ կազմի ատենապետ Պրն Հրաչ Պօղօսեան իր խօսքի ընթացքին անդրադարձաւ.-« 35 տարիներ առաջ Գօլստըն Ճեմարանի հիմնարկի կառուցումով կ'իրականանար Ճեմարանի բարերարներու տեսիլքն ու հաւատքը, որոնք խորունկ համոզումը ունէին, թէ հայութեան համար սփիւռքի մէջ չկայ ազգային գոյատեւում առանց հայկական դպրոցի որ 35 տարիներէ աւելի կը դառնայ եւ  պիտի շարունակէ դառնալ այն լուսաւոր կանթեղը որ պիտի շողայ Աւստրալահայ նորահաս սերունդներուն մտքին եւ հոգւոյն մէջ եւ պիտի   պատրաստէ  ապագայի տիպար Աւստրալահայերը»։

Պրն Պօղոսեան աւելցուց ըսելով.-« մօտ 10 տարիներ առաջ Ճեմարանը կը դիմագրաւէր լուրջ նիւթական դժուարութիւններ , որոնք անկարելի էր յաղթահարել առանց մեր Ճեմարանի բարերարներու եւ նուիրատուներու  աջակցութեան: Ուստի,  այսօրուայ միջոցառումով  մենք կու գանք անգամ մը եւս մեր երախտագիտական խօսքը ուղղելու Ճեմարանի Հիմնադիր բարերաներուն՝ Արշակ եւ Սօֆի Գօլստընի եւ բոլոր այն Բարերարներուն որոնք տարիներէ ի վեր իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ, զօրավիգ կը կանգնին եւ կը սատարեն Հայ դպրոցի վերականգման աշխատանքներուն»։

Անդրադառնալով Ճեմարանի Վերականգման աշխատանքներուն Պրն Պօղոսեան շարունակեց ըսելով .- « Վերջին 10 տարիներու  Ճեմարանի Վերականգման աշխատանքներուն ծիրէն ներս իրենց նիւթական  ներդրումը ունեցած են  Տէր եւ Տիկ Միհրան եւ Նայիրի Ապուլաքեանները եւ Ապուլաքեան ընտանիք որոնց  նիւթաբարոյական աջակցութիւնը  կը վայելէ Աւստրալահայ  գաղութը իր զանազան մարզական, մշակութային, կրթական միութիւններով»։

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Շքանշանով  պարգեւատրուեցան  բարերարներ` Տէր եւ Տիկ Միհրան եւ Նայիրի Ապուլաքեաններ իրենց անսակարկ նիւթական եւ բարոյական ծառայութեան  ի փառոս հայ դպրոցի գոյատեւման:

Պարգեւատրումը կատարուեցաւ ձեռամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` Պրն Հերոս Գրիգորեանի եւ Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան անդամ` Տիկ Ալիս Մանուկեան- Ղազարեանի:

 

Պարահանդէսը խանդավառեցին ՝ Արենի Նուագախումբը , Charlie Chech եւ DJ Juan:

 

Հայ դպրոցը սփիւռքի մէջ հայակերտման ու հայապահպանման դարբնոցն է , ուր հայ մանուկը ազգային ոգիով կը սնանի ու կը մեծնայ, ապագային դառնալու պահապանն ու պաշտպանը իր ազգային ինքնութեան: Այդ նպատակաւ Գօլստըն Ճեմարանը 35 տարիներէ, հակառակ բոլոր փոթորիկներուն աւելի հաստատ կը գոյատեւէ շնորհիւ Աւստրալահայ գաղութին եւ նամանաւադ այս կրթօճախի գոյատեւման հաւատացող եւ իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ նեցուկ կանգնող՝ Ճեմարանիս Բարերարներուն :

Առ այդ Պարահանդէսի ընթացքին տեղի ունեցած նուիրատուութիւններու գումարը հասաւ  $200 000 Աւստրալիական Տոլարի, որուն $100 000 Ապուլաքեան Ընտանիքի կողմէ էր: Հարկ է յիշել թէ այս նուիրատուութիւնները պիտի տրամադրուին  նախակրթարանի նոր խաղավայրի կառուցման  եւ  Ճեմարանի համացանցի համակարգի զարգացման։

 

Պրն Հրաչ Պօղոսեան  մեծ ուրախութեամբ յայտարարեց թէ Ճեմարանի Բարեզարդման աշխատանքներուն ծիրէն նաեւ ծրագրուած է Նալպանտեան սրահի վերելակի ծրագիրը, որ պիտի տեղադրուի Երկրորդականի բաժնի մէջ նուիրատուութեամբ Ճեմարանիս երկարատեւ բարերար` Տէր եւ Տիկ Ներսէս եւ Լէզլի Նալպանտեաններու որոնք $ 50 000 Աւստրալիական Տոլար նուիրեցին ի նպաստ այս ծրագրի իրագործման:

 

Գօլստըն Ճեմարանի աշակերտութիւնը , տնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը

կու գան իրենց խորին շնորհակալութիւնը  յայտնելու բոլոր բարերարներուն, նուիրատուներուն, օժանդակ եւ կամաւոր  բոլոր անձնաւորութիւններուն  ու յատկապէս Ճեմարանի Ծնողաց Յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն ՝  որոնք առանց ջանք խնայելու կ'աշխատին ի նպաստ ճեմարանի բարգաւաճման եւ գոյատեւման :

 

Ձեր բոլորին վարձքը կատար.....

 




































comments

Advertisement