Դրամի Միջազգային Կայսերապաշտութիւնը Եւ Համաշխարհային Ապակայունացումը

By Asbarez | Tuesday, 16 May 2017

Hagop Balian

 

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

 

Անպարկեշտութիւն է հաւատալ բանի մը եւ զայն չապրիլ:

Մահադմա Կանտի

 

85=3,500,000,000:

Համաշխարհայնացման եւ դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան նորագոյն ուսողութիւնն է (mathematiques) այս հաւասարութիւնը:

Լրատուամիջոցները երբեմն ահազանգող տեղեկութիւններ կը հաղորդեն, կ՛իմանանք, կը դնենք մեր հետաքրքրասիրութիւններու զամբիւղը, կը սպասենք նորերը: Դէպքերը կը դիմաւորենք կրաւորականութեամբ, միշտ խորհելով, որ անոնք մեզի չեն վերաբերիր:

Թերթի մը մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը վերտառութիւնը կ՛ըսէ, թէ տասնհնգօրեակ մը որ կ՛անցնի, իրեն հետ կը տանի լեզու մը: Զանգուածները այդ լսելով չեն անհանգստանար: Կարծէք այդ ահազանգը Հրատ մոլորակի բնակիչներուն համար է:  Բացի <<հասութաբեր>> համարուած լեզուներէն, ի՞նչ բանի կը ծառայեն միւս լեզուները: Այս ախտէն վարակուած ենք ազգովին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):   Բացառութիւնները կը հաստատեն ընդհանուր վերաբերումը:

Հեռատեսիլէն կ՛ըսուի, կը լսենք, որ քանի մը տասնեակ անձեր աշխարհի բնակչութեան կէսի համագումար հարստութենէն եւ եկամուտէն աւելին ունին: Կը լսենք, չենք անհանգստանար, չենք հակազդեր: Այդպէս են մեծ երկիրները, այդպէս են նաեւ փոքր երկիրները, համեմատութիւնները պահուած ըլլան թէ ոչ:   Անհատապաշտութիւնը եւ սպառողական ընկերութեան առթած թմրութիւնը կը բթացնեն արժէքներու ըմբռնումը եւ հաւաքականի զգացողութիւնը:

Ո՞վ կը յիշէ աշխարհագրական եւ հոգեկան փարսախներով մեզմէ հեռու այդ մահը:

Հին թուղթերուս մէջ կարդացի, որ 1987ին, Քալիֆորնիոյ Փալա քաղաքին մէջ մեռած էր 94 տարեկան կին մը, որ վերջին անձն էր <<գուբենօ>> լեզուն խօսող: Իրմէ վերջ Հիւսիսային Ամերիկայի բնիկներու այդ լեզուն ոչ ոք կը խօսի, անիկա կորսուած լեզուներու դամբարանը գացած է:

Մեր օրերու լեզուներու անհետացման ընթացքը արագացած է թոհուբոհին մէջ համաշխարհայնացման, որ ունի իր լեզուն: Հաշուապահի պաղարիւնութեամբ կը յայտարարուի, որ ներկայի շուրջ 5000 լեզուներուն կէսը դար մը ետք պիտի կորսուի: Եթէ ընկերամշակութային հոլովոյթը մեր մատներու արանքէն չդիտենք, կը հասկնանք, որ երբ մանուկները չեն խօսիր իրենց ժողովուրդին լեզուն, անիկա կը մեռնի:

Կան ժողովուրդներ, որոնց զաւակները ուղղակի կամ անուղղակի պարտադրանքով, կամ ծնողներու քաղքենիական անպատասխանատուութեամբ, իրենց լեզուն չեն խօսիր:

Ժողովուրդներ վտանգուած են ոչ թէ պատերազմի կամ նոյնիսկ սովի պատճառով, այլ այլասերումով, կորսնցնելով իրենց ինքնութեան առանցքը հանդիսացող լեզուն: Ոչ միայն փոքրերը, այլ նաեւ մեծերը եւ նուազ մեծերը, ենթարկուելով ժամանակակից հեղեղային հաղորդակցական միջոցներու ծաւալումին եւ միօրինականացման, որոնք տեղ չեն ձգեր փոքրերուն:

Ցարդ մասամբ կը դիմանան կարգ մը մեծեր, բայց միայն իրենց աշխարհագրական կամ ազդեցութեան գօտիին մէջ: Եթէ համամոլորակային տագնապ կամ ցնցում մը չպատահի, պիտի ըլլայ այն, որ պատահած է Հիւսիսային Ամերիկայի լեզուներուն: Ինչպէս ենթադրողներ եղած են, չհաստատուած ենթադրութիւն, որ բոլոր լեզուները սերած են մէկ մայր լեզուէ մը, այժմ աւելի քան ենթադրութիւն է, որ մարդկութիւնը կ՛ընթանայ դէպի մէկ հասարակաց լեզու:

Ահազանգողներ կան: Մենախօսողներ:

Համայն մարդկութիւնը իրենց աքցանին մէջ առած դրամի կայսերապաշտութիւնը եւ սպառողական քաղաքակրթութիւնը շարժիչներն են այս հարթումի ընթացքին: Երէցներ եւ մանուկներ բռնուած են հաղորդակցական հետզհետէ աւելի արդիական եւ անշրջանցելի դարձող հաղորդակցական մոլորակային ցանցին մէջ:   Աստիճանաբար կը շեշտուի մշակոյթներու եւ ազգային ինքնուրոյնութիւններու տեղատուութիւնը, սպառողական ընկերութենէն բաժին ձեռք բերելու համար, որ կը պարտադրէ դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան սարքած խաղին մէջ մտնել:

Այդ խաղը կը համարուի յառաջդիմութիւն, արդիականութիւն:

Այդ խաղին մէջ տեղ չունին ոչ Մարդը, գլխագրուած, ոչ մշակոյթները, ոչ ինքնութեան պատուանդան լեզուները: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնան գոյատեւել անհատական եւ հաւաքական ինքնուրոյնութիւնները, երբ աշխարհի 85 ամէնէն հարուստները մոլորակի բնակիչներու կէսին, 3.5 միլիառ համեստներու հաւաքաբար ունեցածէն աւելին ունին: Մնացեալ 3.5 միլիառը կը կոչեն միջին խաւ, մանր քաղքենիներ, որոնք յիշուած 85ի գործառնութիւններուն ենթահողն են, կ՛աճեցնեն անոնց հզօրութիւնը, անոնց սարքած պարին մէջ շորորուողներ են, կ՛ուզեն այդ 85ի ակումբին անդամ դառնալ:

Այդ 85ը կը ծրագրեն մեր ունենալիք պահանջները՝ զէնքի արտադրութիւն, նաւթ, ծխախոտ, դեղի շուկայ, մարզախաղերը (ինչպէս Հռոմի կրկէսներուն մէջ), զբօսները, եւ այլն: Մարզանք եւ զբօս առողջութեան եւ վերանորոգման չեն ծառայեր, կրկին ըսենք, գլխագիր Մարդը չունին որպէս նպատակ, շեղած են իրենց նպատակէն, դրամ շահելու-դիզելու միջոցներ են: Պահ մը կը մտածե՞նք, թէ ինչ կը նշանակէ <<մարզիկ մը գնել>> աստղաբաշխական գումարով, ինչպէս Հռոմի շուկային մէջ կը ծախէին եւ կը գնէին կրկէս-ամփիթատրոններու սրախաղերու մահապարտ մարզիկ-մարտիկները (gladiateurs): Մեծապէս հասութաբեր է զէնքի արտադրութիւնը եւ վաճառքը, միշտ աւելի մահասփիւռ եւ միշտ շուտ հինցող, որ չարիքի միջոց է, բայց անոնց առեւտուրը միլիառներով է:

Ժողովուրդները, մեծերը, մանաւանդ անմիջականօրէն վտանգուած փոքրերը, փոխանակ ճակատագրապաշտի կրաւորականութեամբ սպասելու, որ ժամանակը, միօրինականացնող ճարտարագիտութիւնը եւ դրամատիրական կայսերապաշտութեան ապակայունացումները այլասերման տանին զիրենք, պիտի կարենա՞ն ինքնապաշտպանութեան դիմադրական ուղիին մէջ ընդ-գրկուիլ: Պիտի կարենա՞ն, յանուն իսկական մարդկայնութեան, իրաւ մարդկային արժէքներու շուրջ ստեղծել արդարութեան համախոհութիւն, որպէսզի 85ի եւ 3,500,000,000 միջեւ հաւասարի նշան չդրուի:

Մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), համաշխարհային նման կարգ ստեղծելու ո՛չ հնարը եւ ոչ ալ ուժը ունի: Բայց ի՞նչ բան կ՛արգիլէ, որ ներազգային մակարդակի վրայ, մենք գործենք այդ ուղղութեամբ: Չեմ գիտեր, թէ այդ 85ի ակումբին մէջ հայեր կա՞ն, թէ ոչ:

Բայց ներազգային վերականգնումը առաջնորդելու եւ մատակարարելու համար բաւարար ուժ ունեցողներ կան, կարողական (potentiel) ուժը ունինք:

Եթէ մանուկները հայերէն չխօսին, լեզուն կը մեռնի, ինչպէս որ մեռած է Ամերիկայի բնիկներու լեզուներէն մէկը վերեւը յիշուած 94 տարեկանին հետ, որուն ցեղակիցները դեռ կ՛ապրին ուրիշ լեզու խօսելով:

Յիշուած 85ին քիչ թէ շատ նմանողներ պիտի ընդգրկուին իրենց ուժը ազգի վերականգնումին ծառայեցնելու առաջադրանքին մէջ: Խիղճ հանդարտեցնող պառաւական բարեսիրութէնէն տարբեր յանձնառութեամբ, Հայաստանը, Հայաստանները դարձնելով հայերով բնակուած ազգի հայրենիք, կենսագործելով բնակեցում-հայրենադարձութիւնը, փոխանակ Հայաստան եւ մոլորակի հեռու կամ մօտ անկիւնները ապարանքներ կառուցելու:

Հայաստան կը գործածեն <<գենոֆոնդ>> բառը, այսինքն ազգի գոյատեւման ծինային դրամագլուխը, որ տեսութիւն չէ: Ազգն ալ տեսութիւն չէ, անիկա մարդոցմով է, համրանքով է, որ հողին վրայ է, իր լեզուով եւ մշակոյթով:

Հայրենադարձութիւնը եւ զայն իրականութիւն դարձնելու աշխատանքը ապագայատես քաղաքականութիւն է, որպէսզի <<գենոֆոնդ>>ը մնայ եւ աճի, մանուկները հայերէն խօսին եւ 94 տարեկան պապիկին կամ մամիկին մահով լեզուն ալ չմեռնի, եւ մեր մասին անցեալով չխօսուի, ժամանակ մըն ալ օրօրուելով՝ <<ծագումով հայ>>ու պարզած պարտուածի պատկերով:

Ինչպէ՞ս իրականացնել իրաւ վերականգնումը:

Պիտի կարենա՞նք ըսել՝ վստահութիւն ներշնչող հակա<<էսթէպլիշմըն>>չային ղեկավարութիւն, որուն խօսքին անսան զանգուածները:

Ինչպէ՞ս կրկին չմտածել Մահադմա Կանտիի մասին, որ ըսած է. <<Իմ կեանքս իմ միակ ուսուցումն է>>: Այս՝ առանց տիրացուական ըլլալու:

Օրինակելի, հաւատաւոր եւ անբասիր:

Եւ չբաղդատել ու չբաղդատուիլ:

Օր մը կը գումարուի՞ վերականգնումի խորհրդաժողով մը, առանց տուրք տալու բան չըսող <<էսթէպլիշմըն>>չի հանդիսական կամ խօսափող անկարծիք երեւելիներուն, որոնք յուզուող զբօսաշրջիկի պէս կ՛երթան, կը նկարուին եւ կը վերադառնան:

 

comments

Advertisement