Յարաբերութիւնները կարգաւորել փորձող Թուրքիան ու Գերմանիան կրնան աղտոտ համաձայնութիւն կնքել. Էօզտեմիր

By Asbarez | Wednesday, 10 January 2018

0110ozdemir

ՊԵՐԼԻՆ - Գերմանիոյ Կանաչներ կուսակցութեան համանախագահ, խորհրդարանի թրքածին անդամ Ճեմ Էօզտեմիր մեկնաբանած է Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչութեամբ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութիւնները:

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» կայանի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Էօզտեմիր բուռն քննադատութեան ենթարկած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլի այն յայտարարութիւնը, որ եթէ Թուրքիան ազատ արձակէ իր երկրին մէջ կալանաւորուած Գերմանիոյ քաղաքացի, լրագրող Տենիզ Եուճելը, ապա Գերմանիա կրնայ քննել Թուրքիոյ զէնքի վաճառքի արգելքը ջնջելու հաւանականութիւնը: Կապրիէլ խօսած էր նաեւ Թուրքիոյ մէջ հրասայլեր արտադրող գործարան հիմնելու նախագիծի մը հաւանական իրագործման մասին:

0110alman

Զիկմար Կապրիէլ իր տան մէջ թէյ կը հրամցնէ Չաւուշօղլուին

«Պատանդի դիմաց հրասայլ տալը պարզապէս անհեթեթութիւն է», ըսած է Էօզտեմիր՝ նման քայլ մը «աղտո՛տ գործարք» կոչելով:

Ըստ Էօզտեմիրի՝ այնքան ատեն, որ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունի ազատ մամուլի ճնշում եւ այդ երկրին մէջ չէ վերացուած արտակարգ դրութիւնը, յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին պէտք չէ խօսիլ:

comments

Advertisement