Շեր. Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 14 April 2015

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկահայ երգչուհի Շեր Twitter-ի իր էջին մէջ գրած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէտք է ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

<<Զայրոյթ չեմ զգար եւ չեմ ցանկանար մեղադրել Թուրքիոյ ժողովուրդը բանի մը համար, որ տեղի ունեցած է 100 տարի առաջ, բայց կը կարծեմ, որ այդ երկրի կառավարութիւնը պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը>>, գրած է երգչուհին:

Նախապէս, 2014ի Մարտին, Շերը իր բողոքի ձայնը բարձրացուցած էր Քեսապի իրադարձութիւններուն ժամանակ, միանալով #Save Kassab քարոզարշաւին:
2014ի Մարտին Քեսապի մէջ ողբերգական իրադարձութիւններ ծաւալեցան: Թրքական կողմը` խախտելով միջազգային օրէնքներն ու պարտաւորութիւնները, գնդակոծեց հայկական գիւղերն ու աւանները, այնուհետեւ ճանապարհ բացաւ ապստամբներուն համար, որպէսզի անոնք գրաւեն հայաբնակ շրջանը: Քեսապը Սուրիոյ ու Թուրքիոյ սահմանին է, այնտեղ հազարաւոր հայեր կ՛ապրին, կան հայաբնակ բնակավայրեր, համայնքային ու կուսակցական հաստատութիւններ, դպրոցներ ու հիւանդանոցներ:

1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք Շեր այցելեց Հայաստան: Տարիներ անց ան այսպէս նկարագրեց իր տպաւորութիւնները այդ այցի մասին. <<Ես եղայ Հայաստան: Այնտեղի մարդիկ շատ նման են ինծի: Ատիկա ամենահարազատն է այն ամէնէն, ինչ որ ես ունիմ>>, յայտարարած է Շեր:

Յայտնի ամերիկահայ երգչուհի Շերը (Շերիլին Սարգսեան) այն սակաւաթիւ դերասաններէն է, որոնք արժանացած են բոլոր մրցանակներուն` <<Օսկար>>ի, <<Գրեմմի>>ի, <<Էմմի>>ի եւ 3 <<Ոսկէ Կլոպուս>>ի` շարժանկարի, երաժշտական եւ հեռուստատեսային ասպարէզին մէջ ունեցած նուաճումներուն համար:

 



comments