Հոլիվուտի պատուոյ աստղ մը յանձնուեցաւ Ազնաւուրին

By Asbarez | Friday, 28 October 2016

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>>.- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27ին, Հոլիվուտի <<Փենթէյճըս>> թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քեւըն տէ Լէոն Հոլիվուտի պատուոյ աստղ մը յանձնեց աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին՝ ընդառաջելով հայ համայնքի դիմումին։

Հոլիվուտի Հռչակի Պողոտայի աստղին օրինակով սոյն յուշատախտակը ստանալէ ետք, Ազնաւուր յայտարարեց, թէ <<խորապէս զգացուած է>> այս մեծարումով։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Անգարայի կողմէ պատմական այդ իրողութեան ուրացումը նկատեց Թուրքիոյ ի վնաս կեցուածք մը։

 


comments