Ցեղասպանութեան մասին Ֆիլմը՝ Օսքարի հաւանական թեկնածու

By Asbarez | Friday, 28 October 2016

1028other side2 color

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ - Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին, <<Օսքար>>ի մրցանակաբաշխութեան պատասխանատու՝ Շարժապատկերի արուեստներու եւ գիտութեան հիմնարկը հրապարակած է ցանկը այն 10 կարճ վաւերագրական ֆիլմերուն, որոնցմէ 5ը թեկնածու պիտի ներկայացուի յառաջիկայ տարուան Փետրուարին կայանալիք մրցանակաբաշխութեան ընթացքին։ Թեկնածութեան ներկայացուած էին 61 ֆիլմեր։

Ցանկին մէջ ներառնուած է Նարէ Մկրտչեանի՝ <<Տան Միւս Կողմը>> (<<The Other Side of Home>>) վաւերագրական ֆիլմը։

Հինգ թեկնածու ֆիլմերուն անունները պիտի յստականայ Յունուար 24ին։

Ֆիլմը պատմութիւնն է Թուրքիոյ քաղաքացի կնոջ մը, որ 2015ին կը բացայայտէ, թէ իր մեծ մայրը Ցեղասպանութիւնը վերապրողներէն մէկն է, եւ կ՛որոշէ մեկնիլ Հայաստան՝ մասնակցելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներուն։ Այդ կնոջ մէջ կը պայքարին Ցեղասպանութենէն վերապրածն ու Ցեղասպանութիւնը ուրացողը:

Երեւան ծնած Նարէ Մկրտչեան Լոս Անճելըս տեղափոխուած է 15 տարի առաջ եւ մասնագիտացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի շարժապատկերի բաժանմունքին մէջ։

 



comments