ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան երէկ հանդիպելով լրագրողներու հետ՝ հրապարակեց Սերժ Սարգսեանի սփիւռքեան ուղեւորութեան վերաբերեալ որոշ մանրամասնութիւններ:
Շաբաթ օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետեվետեւի ներկայութեամբ: